Bibliothèque de l'Église apostolique arménienne - Paris - Թրթռեան , Արտաւազդ Արք.     Retour à l'Index des auteurs en arménien    Accueil des catalogues en ligne

Bibliothèque de l'Église apostolique arménienne - Paris
15, rue Jean-Goujon - 75008 Paris || Père Jirayr Tashjian, Directeur
Téléphone : 01 43 59 67 03
Consultation sur place du mardi au jeudi, de 14 heures à 17 heures


Արտաւազդ Արք. Թրթռեան
( 1930 - 2013 )

L'auteur / Հեղինակ

Naissance le 20 septembre 1930 à Kessab (Syrie), décès le 18 juillet 2013 au monastère de Bikfaya (Liban)

Évêque en janvier 1964, dirige la région sud de la France de 1964 à 1970
Devient Vicaire général de la Grand Maison de Cilicie en 1974


Աւազանի անունով Աբրահամ, ծնած է 20 Սեպտեմբեր 1930-ին Սուրիոյ հիւսիւսը գտնուող Քէսապ հայաւանին մէջ։ Իր նախնական ուսումը ստացած է ծննդավայրի Ուսումնասիրաց Միացեալ Վարժարանին մէջ։ Ուսանողութեան առաջին իսկ տարիներէն, գրաւած է ուսուցիչներուն ուշադրութիւնը՝ որպէս ուշիմ, ջանասէր եւ ուսումնատենչ աշակերտ։ Նախակարթարանը աւարտելէն ետք անցած է միջնակարգ եւ մէկ տարի հետեւած է եօթներորդ կարգի դասընթացքներուն։ Քէսապի օրուան Քահանան՝ Տ. Մովսէս Շիրիքեան, զինք 1945-ին ղրկած է Անթիլիասի Դպրեվանք։
Աւարտելով Դպրեվանքի Ժառանգաւորաց բաժինը, 1949-ին ձեռնադրուած է Սարկաւագ, ձեռամբ՝ Դերենիկ Եպս. Փօլատեանի։ Սարակաւագ եղած տարիներուն, ստանձնած է գրատան տեսուչի պաշտօնը եւ որպէս ուսուցիչ ծառայած է Կաթողիկոսութեան շրջափակին մէջ գործող Մեսրոպեան Վարժարանին մէջ։
Աւարտելով Դպրեվանքի ուսումնական շրջանը, 28 Սեպտեմբեր 1952-ին ձեռնադրուած է կուսակրօն քահանայ, ձեռամբ՝ Դերենիկ Եպս. Փօլատեանի, վերակոչուելով Արտաւազդ Աբղ.։ Այստեղ նշենք նաեւ, որ լուսահոգի Սրբազան Հայրն ու Երջանկայիշատակ Գարեգին Կթղ. Սարգիսեան Դպրեվանքի տարիներէն դասընկերներ եղած են ու սարկաւագութենէն մինչեւ արքութեան աստիճանները միաժամանակ ստացած են։
Աբեղայ ձեռնադրուելէ ետք, շարունակած է իր ստանձնած պաշտօնները, եւ միաժամանակ սկսած է Դպրեվանքէն ներս դասաւանդել։ Ստանձնած է զանազան պաշտօններ՝ մատակարարութիւն, Կաթողիկոսարանի «Հասկ» Պաշտօնաթերթի խմբագրութիւն, դիւանապետութիւն, մատենադարանապետութիւն, տպարանի տեսչութիւն։ Երկու շրջան եղած է Դպրեվանքի Տեսուչ 1957-1959 եւ 1970-1977։
1959-ին, Զարեհ Ա. Կաթողիկոս ուզած է զինք ղրկել Նոր Ջուղա՝ որպէս Առաջնորդ եւ առաջարկած է, որ ստանձնէ շրջանին համար քահանաներ պատրաստելու պատասխանատու պաշտօնը։ Սակայն «ուսուցանելէ առաջ կ’ուզեմ ուսանիլ, տալէ առաջ կ’ուզեմ առնել…» ըսելով՝ փափաքած է իր ուսման տենչը յագեցնել։ Այսպիսով, 1959 Դեկտեմբերին աստուածաբանական ուսման հետեւելու համար մեկնած է Ֆրանսա, ուր մնացած է մինչեւ 1962։ Այս շրջանին, ուսումնառութեան կողքին նաեւ ծառայած է տեղւոյն Հայ գաղութին։
1963-ին վերադարձած է Մայրավանք եւ ստանձնած է զանազան պաշտօններ։ 16 Յունիս 1963-ին ստացած է Ծայրագոյն Վարդապետութեան աստիճան։ Նոյն տարին, որպէս ներկայացուցիչ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթո-ղիկոսութեան՝ ներկայ գտնուած է Վատիկանի Բ. ժողովին։
1964 Յունուարին Եպիսկոպոսական օծում ստացած է։ Նոյն տարին՝ 26 Փետրուաին Հարաւային Ֆրանսայի Առաջնորդ ընտրուած եւ մեկնած է Ֆրանսա, ուր վեց տարի վարած է Հարաւային Ֆրանսայի առաջնորդութիւնը։
1970-ին Խորէն Ա. Կաթողիկոսի խնդրանքով վերադարձած է Մայրավանք եւ ստանձնած է Դպրեվանքի Տեսչութիւնը (1970-1977)։ Այդ տարիներու ընթացքին, պարբերաբար նաեւ վարած է «Հասկ» Պաշտօնաթերթի խմբագրու-թիւնը։
1971-ին մեկնած է Եթովպիա՝ միջ-եկեղեցական առաքելութեամբ, Եթովպիոյ Ուղղափառ քոյր եկեղեցւոյ վերանկախացման առիթով։ Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ ներկայացուցիչի հանգամանքով, արարողութեան ըն-թացքին, Եթովպիոյ Պատրիարքին գաւազանը տուած ժամանակ՝ Սրբազանը ըսած է. «Տամ քեզ գաւազան հովուութեան ժողովրդեան քում...»։
26 Ապրիլ 1973-ին արժանացած է Արքութեան տիտղոսին։
1974-ին, Խորէն Ա. Վեհափառի անհանգստութեան պատճառով նշանակուած է Կաթողիկոսական Ընդհանուր Փոխանորդ, պաշտօն՝ որ վարած է մինչեւ իր վախճանումը, 18 Յուլիս 2013-ի առաւօտուն։ Միաժամանակ, որպէս ուսուցիչ՝ մինչեւ 2009-2010 կրթական տարեշրջանի աւարտը իր մաս-նակցութիւնը բերած է Դպրեվանքի մէջ նորահաս սերունդներ դաստիարա-կելու նուիրական աշխատանքին։
Վերջին աւելի քան երկու տարիներու ընթացքին, անհանգստութեան դէմ պայքարելէ ետք, լուսահոգի Սրբազանը իր աչքերը յաւիտենապէս փակեց Հինգշաբթի 18 Յուլիս 2013-ի առաւօտուն, Պիքֆայայի Վանքին մէջ։
Լուսահոգի Արտաւազդ Սրբազանը Հայ եկեղեցւոյ եւ ի մասնաւորի Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան գանձանակին մէջ արժանաւորագոյն ձեւով ձգեց իր լուման։ Իր ծառայութեան առաջին վայրկեանէն մինչեւ շունչ վերջին եղաւ ու մնաց հաւատարիմ, անձնուիրեալ, անշահախնդիր եւ անձնուրաց զինուորը Հայ եկեղեցւոյ։ Իր պարզ ու քաղցր ներկայութեամբ՝ շահեցաւ բոլորին սէրն ու յարգանքը։ Եղաւ ուսուցիչ, տեսուչ, հոգեւոր հովիւ, առաջնորդ, Կաթողիկոսական Ընդհանուր Փոխանորդ, սակայն միշտ ու միշտ մնաց Արտաւազդ Սրբազանը՝ իր պարզութեամբ ու խոնարհութեամբ։
Յիշատակն արդարոյն օրհնութեամբ եղիցի

 
ligne
1383

Rangement général
Cliquer pour voir l'emplacement

 Ի Խնդիր ոգեղէնի [ A la recherche de la spiritualité ]
Titre / Վերնագիր : Ի Խնդիր ոգեղէնի / auteur/հեղինակ : Արտաւազդ Արք. Թրթռեան -
Editeur / Հրատարակիչ : Կաթղ. Հայոց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ
Année / Թուական : 1990
Imprimeur / Տպագրիչ : Կաթղ. Հայոց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ տպարան - Անթիլիաս
Description / Նկարագրութիւն : 14,5 x 21,5 cm, 328 pages, couverture illustrée en couleurs
Collection : 
Notes / Նշան : 
Autres auteurs : 
Sujets / Նիւթ : 
Lecture On-line : non disponible

Commentaire :


1384

Rangement général
Cliquer pour voir l'emplacement

 Ծաղկաքաղ Կրօնաշունչ Ընթերցուածներու Հայ Հին Մատենագիրներէն [ Florilège des anciennes chroniques religieuses arméniennes ]
Titre / Վերնագիր : Ծաղկաքաղ Կրօնաշունչ Ընթերցուածներու Հայ Հին Մատենագիրներէն / auteur/հեղինակ : Արտաւազդ Արք. Թրթռեան - Աւարտաճառ Վարդապետական
Editeur / Հրատարակիչ : 
Année / Թուական : 1986
Imprimeur / Տպագրիչ : Տպարան Կաթողիկոսութեան Հայոց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ, Անթիլիաս
Description / Նկարագրութիւն : 14,5 x 21,5 cm, 142 pages, couverture illustrée
Collection : 
Notes / Նշան : 
Autres auteurs : 
Sujets / Նիւթ : 
Lecture On-line : non disponible

Commentaire :


ligne
Retour à l'Index des auteurs en arménien    Accueil des catalogues en ligne