L'auteur / Հեղինակ | |
Օնած է Վան, Այգեստան, 1894ին։ Նախակրթութիւնը ստացած է Վանի Երամեան վարժարանը։ 1907ին, մեկնւսծ է Պոլիս, ուր յաճախած է Պէրպէրեան վարժարանը, 1913ին ուսանելու գացած է Զուիցերիա, Լոգան, ուր հետեւած է իրաւագիտութեան եւ հասարակական գիտութիւններու եւ ստացած է իրաւագիտութեան դոկտորի (Dr en droit) կոչում։ 1919ին վերադարձած Է Երեւան եւ 1920ին նշանակուած Է իրաւաբանութեան դասախօս դոցենտի աստիճանով, նոյն թուին եղած Է դատախազ (թքօօւՄօսւ՜)։ Աշխատակցած Է Երեւանի «Յառաջ» թերթին, կւսմաւոր զինուոր գացած Է Սեպուհի Պրիկատին (գումարտակ) մէջ։ 1921 ին նահանջին ատեն հեռացած է Երեւանէն եւ ապաստանած Թաւրիզ, ուր վարած է կուսակցական գործեր։ 1924ին հաստատուած է Պէյրութ, ուր խմբագրած է «Փիւնիկ» թերթը, 1924-1927, որմէ ետք զբաղուած է իրաւաբանու– թեամբ։ 1937-1939 ընտրուած է երեսփոխան լիբանանեւսն խորհրդարանին, երկար տարիներ եղած է գաւառական ժողովի ատենապետ։ 1953-58 խմբագրած է «Ազդարար» օրաթերթը։ 1960-1970 աշխատակցած է «Նայիրի» շաբաթաթերթին։ Աշխատակցած է «Հայրենիք» ամսագրին, «Յուսաբեր»ին, «Յառաջ»ին, սւոորագրած է Սարտար Շամիրեան, Բզնունեան ծածկանուններով։ Մահացած է Երեւան, 1982ին, արժանացած է ազգային թաղումի, առաջնորդութեամբ Սիլվա Կապուտիկեանի եւ Լեւոն Հախվերդեանի։ Թաղուած է իր սիրած հայրենիքին մէջ, իր եղբայրներուն եւ քոյրերուն քով։ |
|
Retour à l'Index des auteurs en arménien Accueil des catalogues en ligne |