Ծնած է 1913ին, Պարտիզակի մէջ։ Հայագիտական պատրաստութիւնը ստացած է վիհն– Միփթարեաններու Պոլսոյ լիկէոնին լքէջ եւ 1933-1960 տարիներուն վարած է ուսուցչական, տեսչական, խմբագրական եւ հանրային-կագմակերպական պաշտօններ՝ Պոլսոյ, Սոֆիայի, Քոնսթանցայի, Հալեպի, Գահիրէի եւ Պէյրութի մէջ:
1960էն ի վեր հաստատուած է Միաց-Նահանգներ, Պոստըն, ուր 1962-1979 վարած է «Հայրենիք» օրաթերթի խմբագրութիւնր։
Անջատ հատորներով հրատարակուած են գրական-ստեդծագործական, լեզուական, հանրային եւ գրապատմական իր հետեւեալ գործերր–— «ՆԱԽԵՐԳԱՆՔ» (1936, Սոֆիա), «ՄԹՆՈԼՈՐՏ» (1944, Հալէպ) , «՚ՔԵՐԱԿԱՆՈԻԹԻԻՆ ԱՐԵՒՄՏԱՀԱՅ ԼԵԶՈԻՒ» (երկհատոր, 1950, Հալէպ), «ԴԱՐ ՄԸ ԳՐԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ» (Ա– տպագրութիւն՝ երկու հատորով, 1955 եւ 1956, Գահիրէ), «ՊԱՅՔԱՐԸ Հ– Յ– ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ԴԷՄ» (1962, Պոստըն), «ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԱՐՏԱՍԱՀՄԱՆԸ ԵՒ ԱԶԳ. ՍԱՀՄԱՆԱԴՐՈՒԹԻՒՆԸ», 1968, Պէյրութ)։
Հրատարակելի գործեր՝ «ԴԱՍՏԻԱՐԱԿՉԱԿԱՆ ԱՄՐՈՑՆԵՐ՝ 10-14ԵՐՈՐԴ ԴԱՐԵՐՈՒՆ», «ՀԱՅ ԼԵԶՈԻԻ ՀՈԼՈՎՈՅԹԸ՝ Ե.-Ի.- ԴԱՐԵՐՈՒՆ», «ՄԻՋՆԱԴԱՐԵԱՆ ՀԱՅ ԲԱՆԱՍՏԵՂԾՈՒԹԻՒՆԸ» եւ «ԽՈՐՀՐԴԱՀԱՅ ԳՐԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆԸ՝ 1920-1980»։